2015-10-07 10:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` Ընտանիքի Հոգին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 7 հոկտեմբերի առաւօտեան սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որուն ընթացքին արտասանած ճառին մէջ անդրադարձաւ ''ընտանիքի հոգիին'' մասին։

Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը տեղի ունեցան սուրբ գրային ընթերցումներ եւ աղօթքներ ապա խօսք առաւ Սրբազան Քահանայապետը ըսելով.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, մի քանի օր առաջ սկիզբ առաւ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ժամանակակից աշխարհի մէջ'' նիւթով։ Ընտանիքը որ կը քալէ Տիրոջ ճանապարհով անհրաժեշտ է Աստուծոյ սիրոյ վկայութեան ուղղութեամբ եւ ասոր համար արժանի է եկեղեցւոյ ուշադրութեան։ Սիւնհոդոսը կանչուած է մեկնաբանելու Եկեղեցւոյ այս խնամակալ հոգատարութիւնը։ Ընկերանանք այս սիւնհոդոսի ուղեւորութեան` մեր աղօթքով ու մեր ուշադրութեամբ – հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը յայտնելով թէ այս շրջանի խորհրդածութիւնները պիտի ներշնչուին Եկեղեցւոյ եւ Ընտանիքի միջեւ կայացած անքակտելի կապին, որպէս նպատակակէտ ունենալով համայն մարդկութեան հասարակութեան բարիքը։

Մարդոց առօրեայի ուղղուած ուշադիր հայեացք մը, կը բացայայտէ թէ կարիքը կայ ընտանիքի իսկական հոգիին։ Թէեւ  քաղաքական եւ տնտեսական ասպարազէն ներս կարեւորութիւն չի տրուիր ընտանիքին։ Ընտանիքը համայն մարդկութեան առջեւ կը բանայ մարդկային հեռանկար. Զաւակներուն աչքերը կը բանայ կեանքին, անոնց ներկայացնելով մարդկային փոխյարաբերութիւնը հիմնուած սիրոյ ազատ դաշինքի վրայ։ Ընտանիքը կ՛առաջնորդէ հաւատարմութեան, անկեղծութեան, վստահութեան, համագործակցութեան ու յարգանքի. Ան կը սորվեցնէ յարգել խոստումները, անհատները, ըլլալ բաժնեկից, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն յատկացնել փոքրերուն ու ''դիւրաբեկներուն''։

Եկեղեցւոյ համար ''ընտանիքի հոգին'' կառուցողական իրականութիւն մըն է։ Ընտանիքի հոգին կարելի է նկատել Եկեղեցւոյ սահմանադրական պայմանագիր։ Եկեղեցին, է ու պէտք է ըլլայ Աստուծոյ ժողովուրդին ընտանիքը։ Երբ Յիսուս կոչեց Պետրոսը անոր ըսաւ թէ զինք պիտի ընէր ''մարդոց որսորդ''։ Կրնանք առ այդ ընդունիլ որ ընտանիքը Պետրոսի ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան ''ուռկանն'' է։ Ոչ թէ բանտարկող ուռկան մը, այլ  անտարբերութեան ու առանցութեան  պղտոր ջուրերէն ազատագրող ուռկան։ Ընտանիքները քաջ տեղեակ են թէ ի՞նչ ըսել է ըլլալ զաւակներ եւ ո՛չ ստրուկներ։ Յիսուս ընտանիքին մէջ սկսաւ իր մարդկային կեանքը, որպէսզի մարդիկը համոզէ որ Աստուած չէ մոռցած զանոնք։ Պետրոս եւս ընտանիքէն կ՛ընդունի իր առաքելութեան համար կոռովը։ Այնտեղէն է որ Եկեղեցին­, հնազանդելով Վարդապետին պատուէրին, բացերը կ՛երթայ հրաշագործ ձկնորսութեան մը համար։

Իր խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ ''Սիւնհոդոսական հայրերու ոգեւորութիւնը, աշխուժացած Սուրբ Հոգիով, նոր թափ տայ եկեղեցւոյ առաքելութեան, որ թողելով իր հին ուռկանները, ձկնորսութիւնը վերսկսի իր վստահութիւնը դնելով իր Տիրոջ խօսքին վրայ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ճառը եզրափակեց հրաւիրելով աղօթել այս դիտաւորութեամբ

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած` իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն խրախուսելով երիտասարդները վստահելու Մարիամին` կեանքի կարեւոր ընտրանքներու դիմաց, յորդորելով հիւանդները` Խաչին ոտքին կանգնած Մարիամի քաջութենէն  ներշնչուելու, որպէսզի անոնց ըլլայ նեցուկ դժուար պահերու ընթացքին ապա նորապսակելաներուն մաղթեց որ Մարիամի քնքշութիւնը անոնց ընկերանայ` ընտանեկան կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.